2014-09-08 09:58:19

Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ղեկավարներու ԵԱՀԿ-ին ուղղուած կոչը` ապահովելու զինադադարի վերահսկողութիւնը։


Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները դիմած են ԵԱՀԿ-ին` կոչ ուղղելով ապահովելու Ուքրանիոյ հարաւարեւելքին մէջ զինադադարի պահպանման վերահսկողութիւնը:
Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանտր Զախարչենքոյի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան ղեկավար Իկոր Փլոթնիցքիի ստորագրած փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Յոյս ունինք, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի ապահովէ զինադադարի դրութեան պահպանման միջազգային անկողմնակալ վերահսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակի առարկայական հսկողութիւնը»:
5 սեպտեմբերին Մինսքի մէջ ստորագրուած` Ուքրանիոյ հարցով կապի խմբակի արձանագրութեան արդիւնքներով` Զախարչենքօ եւ Փլոթնիցքի Ուքրանիոյ իրավիճակը կարգաւորելու հարցով ԵԱՀԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Հայտի Թալիավինիի փոխանցած են ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման շուրջ առաջարկներ:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ հարցով ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Հայտի Թալիավինի յայտնեց. «Ուքրանիոյ մէջ կացութեան լուծման շուրջ Մինսքի արձանագրութեան ստորագրութիւնը այդ երկրին մէջ քաղաքական երկխօսութեան սկսելու առիթ կը ստեղծէ»:
Զուիցերիական «Լը Մաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ քաղաքական երկխօսութեան սկսելու առիթ մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Մինսքի համաձայնութիւնը կը բովանդակէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուցած խաղաղութեան ծրագիրէն եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի ծրագիրէն կէտեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.